Վանաձորի Լոռին որոշեց այսուհետեւ ակումբին ֆութպոլիստներուն մարզաշապիկներուն վրայ չտեղադրել թիւ 12 համարը, որովհետեւ ակումբին ղեկավարութիւնը ուզեց այդ թիւ 12 մարզաշապիկները տրամադրել ակումբին երկու համակիրներուն` Էրիքին եւ Աղասին:
«Վերջին մէկ տարուան ընթացքին ակումբին հիմնադրման եւ զարգացման գործին մէջ մեծ ներդրումին եւ անոնց աշխատանքին համար անակնկալ մը ուզեցինք մատուցել այդ երկու համակիրներուն», նշուեցաւ ակումբին ղեկավարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: