Կազմակերպութեամբ՝ Երեւանի եւ Արցախի ճատրակի ֆետերասիոններուն, երէկ, իր աւարտին հասաւ Արցախի Անկախութեան օրուան նուիրուած ճատրակի առցանց յատուկ մրցաշարք մը, որ տեղի կ’ունենար առաջին անգամ ըլլալով:
Իւրաքանչիւր խումբին մէջ հանդէս եկան՝ տասը մասնակիցներ:
Յաղթելէ ետք երեւանեան կազմին՝ 23-17 արդիւնքով, արցախեան խումբը հանդիսացաւ տիտղոսակիր:
Նշենք, որ այսօր, Երեւանի եւ Արցախի ճատրակի ֆետերասիոնները, Ստեփանակերտի մէջ կնքեցին համագործակցութեան յուշագիր մը, ապագային կայացնելով՝ ուսումնամարզական հաւաքներ, փոխադարձ այցելութիւններ, եւայլն: