Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ յառաջիկայ 5 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք Մակեդոնիա-Հայաստան մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան Պոսնիայէն:
Նշենք, որ այս մրցումը կ’իյնայ «Եւրոպայի-Լիկա»-յի ֆութպոլի մրցաշարք Գ. դասակարգին Բ. խմբակին ծիրին մէջ:
Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք՝ Սքոփյէի մէջ տեղի ունենալիք այս մրցումին կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարն է՝ Իրֆան Փելժթօ: Կողմի իրաւարարներն են՝ Սենատ Իպրիսիմպեկովիչ եւ Տաւոր Պելժօ, իսկ չորրորդ իրաւարարը՝ Ատմիր Սեհովիչ:
Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 16:00-ին՝ Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Այս մրցումէն երեք օր վերջ, հայրենի կազմը պիտի հիւրընկալէ Էսթոնիան: