Շաբաթ, 5 սեպտեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը մրցեցաւ Մակեդոնիոյ դէմ, անոր դաշտին վրայ: Այս մրցումը կ’իյնայ «Ազգերու-Լիկա»-յի ֆութպոլի մրցաշարքին Գ. դասակարգի Բ. խմբակին զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Հայրենի կազմը, պարտութեամբ սկսաւ մրցաշարքը, երբ մրցակիցին դաշտին վրայ կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը: Մրցումին երեք կոլերն ալ նշանակուեցան փենալթի-ով: Հայաստանի կոլը նշանակեց՝ Տիգրան Բարսեղեան, մրցումին վերջին վայրկեանին: Հիւրընկալ կազմը իր կոլերը նշանակեց՝5-րդ եւ 38-րդ վայրկեաններուն:
Մրցումէն ետք, Հայաստանի սպանացի մարզիչը՝ Խոաքին Քափարոս յայտնեց, որ գոհ է իր կազմէն, նկատի ունենալով որ անոնք մինչեւ մրցումին աւարտը պայքարեցան:
Նշենք, որ իր կատարած առաջին մրցումին, Էսթոնիա իր դաշտին վրայ կրեց 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը՝ Վրաստանէն: