Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակող հայ մարտիկ՝ Մելսիկ Պաղտասարեան, տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց «Contender Series-2020» խառն մենամարտերու մրցաշարքին ծիրին մէջ:
28 տարեկան Պաղտասարեան, որ ճակատեցաւ ամերիկացի Տենիս Պուզուքիայի դէմ, իրաւարարներուն միաձայն որոշումով յաղթական հռչակուեցաւ:
Այսպիսով, Պաղտասարեան, որ «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ կատարեց իր 6-րդ մենամարտը, արձանագրեց իր 5-րդ յաղթանակը:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, արձանագրուած այս յաղթանակէն ետք, «UFC» անոր առաջարկէ պայմանագրութիւն մը, սակայն այդ մէկը ցարդ չկատարուեցաւ: