Երէկ՝ երկուշաբթի, Լուքսամպուրկ մեկնեցաւ Հայաստանի 21 տարեկանէն վար հաւաքականը, որ հոն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 2021-ի Եւրոպայի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին, այս գծով յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
Այսօր տեղի ունենալիք այս մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 18:00-ին՝ Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Ա. խմբակին մաս կազմող Հայաստան, որ ցարդ կատարած է վեց մրցում, յաջողած է արձանագրել միայն մէկ յաղթանակ մը եւ կրած՝ հինգ պարտութիւն: Հայրենի կազմը, այժմ կը գրաւէ դասաւորման 5-րդ եւ նախավերջին դիրքը:
Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Իրլանտա (16 կէտով), իսկ երկրորդ դիրքին վրայ՝ Իտալիա (13 կէտով):