Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց ըսելով, որ յառաջիկայ 5-21 սեպտեմբերին, առաջին անգամ ըլլալով տեղի պիտի ունենայ Երեւանի ճատրակի բաժակի մրցաշարքը, որ կազմակերպուած է Երեւանի ճատրակի ֆետերասիոնին կողմէ:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը կրնան բերել, սկսնակ խաղացողներէն մինչեւ՝ կրանտմասթըրներ:
Նշուեցաւ, որ արձանագրութեան համար պէտք է անունները ուղարկել հետեւեալ հասցէին. https://lichess.org/team/yerevan-chess-federation.
Մրցաշարքին մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ՝ 1,800,000 հայկական դրամ: Տիտղոսակիրը պիտի ստանայ նաեւ յատուկ տիտղոս մըն ալ:
Ցարդ, անոր մասնակցելու իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնած են՝ Հայկ Մարտիրոսեան, Շանթ Սարգսեան, Զաւէն Անդրիասեան, Յովիկ Կարապետեան, Մանուէլ Պետրոսեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Էլինա Դանիէլեան, Աննա Սարգսեան եւ ուրիշներ: