Քաթալոնիական Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ՝ Լիոնել Մեսսի, որ գրեթէ իր կազմը լքելու մէջ էր, երէկ՝ երկուշաբթի, եղաւ առաջին ժամանողը, որ սկսաւ իր փորձերուն, նորանշանակ գլխաւոր մարզիչ՝ Ռոնալտ Քէօմանի գլխաւորութեամբ, այս գծով յայտնեց սպանական մամուլը:
Նշենք, որ նախանցեալ օր, ան ենթարկուեցաւ «Քորոնա» ժահրի քննութիւններուն:
Վերջերս, բաւական մեծ աղմուկ բարձրացաւ, որ Մեսսի կը փափաքի իր պայմանագրութիւնը խզել եւ լքել իր ակումբը, բայց Պարսելոնայի ղեկավարութիւնը այդ մէկին համաձայն չգտնուեցաւ, որովհետեւ անոր պայմանագրին խզումին համար պահանջեց՝ 700 միլիոն եւրոյի վճարում մը։