Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ Երեւանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով կրնայ կայանալ «EuroBasket» անուանումը կրող պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքը:
Հայաստանի պասքեթպոլի Ա. Լիկայի նախագահ՝ Արա Պօղոսեան յայտնեց, որ յառաջիկայ 1-10 հոկտեմբերին նախատեսուած այս մրցաշարքին շատ հաւանաբար մասնակցին շարք մը խումբեր՝ Միացեալ Նահանգներէն, Ռուսիայէն եւ Պիելոռուսիայէն:
Մրցաշարքին կազմակերպիչն է «EuroBasket» պասքեթպոլի միջազգային կազմակերպութիւնը, որ մեծ հեղինակութիւն ունի միջազգային պասքեթպոլի աշխարհին մէջ:
Նշուեցաւ նաեւ, որ Հայաստանէն եւս պիտի մասնակցին քանի մը խումբեր, որոնց կարգին՝ Հայաստանի ազգային հաւաքականը:
Մրցաշարքը շատ հաւանական է, որ պատկերասփռուի՝ առցանց: