Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան՝ Փարիզ Սեն Ժերմենի երեք ֆութպոլիստներ վարակուեցան «Քորոնա» ժահրով, այս գծով յայտնեց ֆրանսական հանրածանօթ մարզական օրաթերթը՝ «L’Equipe»-ը:
Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, մայրաքաղաքի կազմին ֆութպոլիստները, իրենց արձակուրդէն վերադառնալով, «Covid-19»-ի քննութիւնները յանձնած են իրենց ակումբին ղեկավարութեան:
Յառաջապահ՝ Նէյմարի, ինչպէս նաեւ միջնապահներ՝ Անխել Տի Մարիայի եւ Լէանտրօ Փարետեսի քննութիւններուն պատասխանները եղած են՝… դրական:
Նշենք, որ նախորդ շաբաթավերջին, Նէյմար իր պայմանագրութիւնը մէկ տարիով երկարաձգեց Սեն Ժերմենի հետ:
Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Փարիզ Սեն Ժերմեն տարեշրջանի իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ յառաջիկայ 10 սեպտեմբերին, ճակատելով Լանսի դէմ: