Պարսելոնայի պրազիլցի ֆութպոլիստ՝ Ֆիլիփ Քութինիօ, որ փոխ տրուած էր Պայէրն Միւնիխի, հեռացաւ գերմանական ակումբէն, յայտնեց միւնիխեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Քութինիօ, որ օգոստոս 2019-ին փոխ տրուած էր Պայէրնի, վերադարձաւ Պարսելոնա:
Վերստին միանալով քաթալոնիական ակումբին, ան նախորդ շաբաթավերջին արդէն իսկ սկսաւ իր փորձերուն, ակումբին նոր գլխաւոր մարզիչ՝ հոլանտացի Ռոնալտ Քէօմանի հսկողութեան տակ:
Վերջերս լուրեր շրջան կ’ընէին, որ 28 տարեկան միջնապահը միանայ Արսենալի, նկատի ունենալով որ պրազիլցին իր գործակալին հետ տեսնուած է լոնտոնեան ակումբին ղեկավարութեան հետ: