Մարզական

Ճատրակ. Արոնեան Կը Մասնակցի Սենթ Լուիսի Առցանց Մրցաշարքին

Ճատրակ. Արոնեան Կը Մասնակցի Սենթ Լուիսի Առցանց Մրցաշարքին

Հայկական ճատրակի յառաջատար՝ Լեւոն Արոնեան, իր մասնակցութիւնը կը բերէ Սենթ Լուիսի ճատրակի առցանց մրցաշարքին, որուն ազդանշանը կը տրուի այսօր՝ ուրբաթ, 11 սեպտեմբերին: Անիկա իր աւարտին կը հասնի նոյն ամսուն 19-ին: «Champions Showdown Chess 9LX» ճատրակի այս առցանց մրցաշարքին կը մասնակցին՝ Կերի Գասպարով, աշխարհի ախոյեան՝ Մակնուս Քարլսըն, Ֆապիանօ Քարուանա, Հիքարու Նաքամուրա, Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւ, Ուեսլի Սօ եւ շարք մը ուրիշ այլ ճատրակ...

Հայրենի Մարզաշխարհ. Չարենցաւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Աղջկանց Ֆութպոլի 3×3-ի Մրցաշարք

Հայրենի Մարզաշխարհ. Չարենցաւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Աղջկանց Ֆութպոլի 3×3-ի Մրցաշարք

Կազմակերպութեամբ՝ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին, Չարենցաւանի մէջ տեղի ունեցաւ աղջկանց ֆութպոլի 3x3-ի մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 10,12 եւ14 տարեկանէն վար 16 խումբեր: 10 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ, տիտղոսակիր դարձաւ Նոայի կազմը, 12 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ՝ Ուեսթ Արմենիան, եւ վերջապէս 14 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ՝Ուրարտուն: Մրցաշարքին բոլոր մասնակցողներն ալ պարգեւատրուեցան վկայագիրներով, յատուկ յուշանուէրներով, իսկ յաղթական խումբերը ստացան նաեւ տիտղոսներ:

Անգլիական Ֆութպոլ. Օպամեյանկ՝ Արսենալի Ամէնէն Աւելի Շատ Վարձատրուող Ֆութպոլի՞ստը

Անգլիական Ֆութպոլ. Օպամեյանկ՝ Արսենալի Ամէնէն Աւելի Շատ Վարձատրուող Ֆութպոլի՞ստը

Լոնտոնեան Արսենալի կապոնցի յառաջապահ՝ Փիեր-Էմերիք Օպամեյանկ, շատ հաւանական է, որ այս շաբաթավերջին նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրէ իր ակումբին հետ, այս գծով յայտնեց անգլիական «Daily Express»-ը: Կողմերը արդէն իսկ իրարու հետ համաձայնութեան եկած են: 31 տարեկան Օպամեյանկ, որ պիտի ստորագրէ երեք տարուան պայմանագրութիւն մը, պիտի դառնայ ակումբին ամէնէն աւելի շատ վարձատրուող ֆութպոլիստը: 2018-ին Պորուսիա Տորթմունտէն Անգլիա տեղափոխուած կապոնցի յառաջապահին գործող պայմանագրութիւնը...

Նափոլիի Նախագահը Վարակուած՝ «Քորոնա» Ժահրով

Նափոլիի Նախագահը Վարակուած՝ «Քորոնա» Ժահրով

Իտալական Նափոլիի նախագահ՝ Օրելիօ Տէ Լորեթիիսիի մօտ յայտնաբերուած է «Քորոնա» ժահրը, այս գծով յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 71 տարեկան իտալացիին 9 սեպտեմբերին կատարած քննութեան արդիւնքը, երէկ տուած է դրական պատասխան: Նշենք, որ նախորդ օգոստոսին Նափոլիի իտալացի յառաջապահ՝ Անտրէա Փեթանիայի մօտ եւս յայտնաբերուած էր այս ժահրը:  

«Ֆորմիւլա-1». Սեպասթիան Վեթթել Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրեց Ասթոն Մարթինի Հետ

«Ֆորմիւլա-1». Սեպասթիան Վեթթել Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրեց Ասթոն Մարթինի Հետ

«Ֆորմիւլա-1»-ի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ «Ֆորմիւլա-1»-ի քառակի ախոյեան, գերմանացի Սեպասթիան Վեթթել պայմանագրութիւն մը ստորագրած է Ասթոն Մարթին հետ: Անիկա իր ելոյթներուն պիտի սկսի յառաջիկայ տարեշրջանին: Վեթթել պիտի փոխարինէ մեքսիքացիՍերճիօ Փերեսին: Վեթթել, որ ախոյեան հանդիսացած է 2010, 2011, 2012 եւ 2013 տարիներուն՝ Ռետ-Պուլի հետ,2015-էն ի վեր, ելոյթ կ’ունենայ «Ֆեռարի»-ի հետ: Ինչ կը վերաբերի իտալական կազմին մէջ Վեթթելին փոխարինողին, ան պիտի ըլլայ՝...

Մխիթարեան Էսիսթի Եւ Կոլի Հեղինակ

Մխիթարեան Էսիսթի Եւ Կոլի Հեղինակ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին խմբապետ՝ Հենրիխ Մխիթարեան, իր ակումբին՝ Ա. Էս. Ռոմայի հետ երէկ իր կատարած մրցումին ընթացքին, հանդիսացաւ էսիսթի եւ կոլի հեղինակ: Անոր կազմը , որ կը շարունակէ նախապատրաստուիլ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Քալչիո»-յի նոր տարեշրջանին, ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, 4-1 արդիւնքով յաղթեց Ֆրոզինոնէի: Մխիթարեան, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր, կատարեց նշանակուած կոլերէն մէկուն էսիսթը, ինչպէս նաեւ...

Ճատրակ.  Զաւէն Անդրիասեան Յաղթական՝ «Bullet Shield Arena»-ի Առցանց Մրցաշարքին

Ճատրակ. Զաւէն Անդրիասեան Յաղթական՝ «Bullet Shield Arena»-ի Առցանց Մրցաշարքին

Հայաստանի Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէին պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ հայրենի ճատրակ խաղացող՝ Զաւէն Անդրիասեան յաղթական հռչակուեցաւ «Bullet Shield Arena»-ի ճատրակի առցանց մրցաշարքին: Չորս ժամ տեւած գերկայծակնային  մրցաշարքին մասնակցեցան՝ 4303 ճատրակ խաղացողներ: Երեւանցի կրանտմասթըրը, որ կատարեց 138 մրցում եւ ապահովեց 396 կէտ, գրաւեց առաջին դիրքը: Նշենք, որ ան տիրացած է բազմաթիւ տիտղոսներու, ըլլայ Հայաստանի մէջ եւ ըլլայ միջազգային գետնի վրայ:

Պարսելոնա-Եուվենթուս համաձայնութիւն՝ Սուարեզի Փոխանցման Գծով

Պարսելոնա-Եուվենթուս համաձայնութիւն՝ Սուարեզի Փոխանցման Գծով

Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, Պարսելոնա եւ Եուվենթուս իրարու հետ համաձայնութեան եկած են, Լուիս Սուարեզի փոխանցման գծով: Նշուեցաւ, որ իտալական կազմին միանալու համար Սուարեզ պէտք է հրաժարի Պարսելոնայի հետ կնքած պայմանագրութեան վերջին հանգրուանը հոն խաղալու գաղափարէն: Այդ մէկուն համար, Եուվենթուս քաթալոնիական կազմին պէտք է վճարէ՝ 3 միլիոն եւրօ: Եթէ պատահի, որ Եուվենթուս հռչակուի Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան, «Չեմփիընզ-Լիկ»-ին գծով Պարսելոնա պիտի ստանայ...

Պարսելոնա՝ Առաջին Դիրքին Վրայ

Պարսելոնա՝ Առաջին Դիրքին Վրայ

Քաթալոնիական Պարսելոնա ակումբը, հանդիսացաւ աշխարհի առաջին մարզական ակումբը, որը 10 միլիոն բաժանորդ ունի «YouTube»-ի վրայ, այս գծով յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: «YouTube»-ը ակումբին պիտի շնորհէ՝ «Ադամանթէ Կոճակ» անուանումը, այդ նուաճումին համար: Քաթալոնիացիներուն գերազանցող միակ մարզական ալիքը պասքեթպոլի ազգային միութիւնն է, որ ունի՝ 14,7 միլիոն բաժանորդ։ Պարսելոնայի ակումբը «YouTube»-ի վրայ կը գործէ 2006-էն ի վեր եւ ունի ժամական 65 միլիոն դիտորդ:...

Թենիս. Նատալ Պիտի Մասնակցի Հռոմի Մասթըրզի Մրցաշարքին

Թենիս. Նատալ Պիտի Մասնակցի Հռոմի Մասթըրզի Մրցաշարքին

Տղոց աշխարհի միջազգային դասաւորման երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող սպանացի թենիսմէն՝ Ռաֆայէլ Նատալ, իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Հռոմի Մասթըրզի միջազգային բաց մրցաշարքին, այս գծով յայտնեց սպանական «ԱՍ» մարզական օրաթերթը: Այս տարի այս մրցաշարքը պիտի սկսի յառաջիկայ 14 սեպտեմբերին եւ պիտի աւարտի նոյն ամսուն՝ 21-ին: Նատալ յայտնեց ըսելով, որ Հռոմի Մասթըրզի միջազգային այս բաց մրցաշարքը, իրեն համար մեծ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ երկարատեւ...

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն». Սերենա 39-րդ Անգամ Ըլլալով Հասաւ Կրան-Շլեմի Կիսաւարտականին

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն». Սերենա 39-րդ Անգամ Ըլլալով Հասաւ Կրան-Շլեմի Կիսաւարտականին

Ամերիկացի 38 տարեկան թենիսվումըն՝ Սերենա Ուիլիըմս, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Նիւ Եորքի մէջ (Մ. Նահանգներ) տեղի ունեցող  թենիսի «Եու. Էս. Օփըն» կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին, քառորդ աւարտականին, կարեւոր նուաճում մը իրագործեց, նկատի ունենալով որ հանդիսացաւ առաջին կին թենիս խաղացողը, որ 39-րդ անգամ ըլլալով կը հասնի տարբեր կրան-շլեմի մրցաշարքերուն կիսաւարտականին: 3-րդ դասուած Սերենա, կիսաւարտականին պիտի մրցի Վիքթորիա Ազարենքայի դէմ...

Միջազգային Ֆութպոլ. Փերիսիչ Պայէրն Միւնիխէն Կը Վերադառնայ Ինթեր Միլան

Միջազգային Ֆութպոլ. Փերիսիչ Պայէրն Միւնիխէն Կը Վերադառնայ Ինթեր Միլան

Խրուաթիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին միջնապահ՝ Իվան Փերիսիչ, իր կազմը՝ Պայէրն Միւնիխը լքելով, կը վերադառնայ իր նախկին ակումբին՝ Ինթեր Միլանին: Իտալական խումբին 31 տարեկան ֆութպոլիստը, նախորդ տարեշրջանին փոխ տրուած էր գերմանական կազմին: Պայէրն Միւնիխ ուզեց գնել անոր ստորագրութիւնը, սակայն իտալական ակումբը այդ մէկին համաձայն չգտնուեցաւ, որովհետեւ ըսաւ, որ անոր այդ փոխանցման գումարը՝ 12 միլիոն եւրօ, շատ քիչ է: Գերմանական ակումբը, համամիտ...

«Ազգերու Լիկա»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարք.  Հայաստանի Ազգային Հաւաքականին Առաջին Յաղթանակը

«Ազգերու Լիկա»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականին Առաջին Յաղթանակը

Երէկ երեկոյեան, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Էսթոնիան, «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի երկրորդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ: Մրցումի ազդանշանին տրուելէն անմիջապէս ետք, հայրենի կազմը արդէն իսկ սկսած էր կիրարկել բաւական տպաւորիչ ներկայացում մը, մինչ հիւր կազմը ընդհանրապէս կը վստահէր հակայարձակումներու: 44-րդ վայրկեանին, Արշակ Կորեանէն փոխանցում մը ստանալէ ետք, Ալեքսանտր Կարապետեան սքանչելի կոլով մը ցնցեց...

2021-ի Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Հայաստանի 21 Տարեկանէն Վար Հավաքականը Մեկնեցաւ Լուքսամպուրկ

Եւրոպայի 21 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Պարտուեցաւ Լուքսամպուրկէն

Երէկ, երեքշաբթի, Եւրոպայի 21 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին 7-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականը հիւրը եղաւ Լուքսամպուրկի: Մրցումը աւարտեցաւ հիւրընկալ կազմին յաղթանակով, 2-1 արդիւնքով: Հայրենի կազմին միակ կոլը նշանակեց Յովհաննէս Յարութիւնեան, 24-րդ վայրկեանին: Լուքսամպուրկ, որ 37-րդ վայրկեանին նշանակած էր իր եւ մրցումին առաջին կոլը, իր յաղթանակի կոլը նշանակեց...90+4-րդ վայրկեանին: Հայրենի կազմը մրցումը աւարտեց 9 մարզիկով: Աշոտ Քոչարեան...

Հեծելարշաւ. Ստեփան Գրիգորեան Հանդիսացաւ Ռուսիոյ Ախոյեան

Հեծելարշաւ. Ստեփան Գրիգորեան Հանդիսացաւ Ռուսիոյ Ախոյեան

Հայազգի հեծելանւորդ՝ Ստեփան Գրիգորեան, հանդիսացաւ Ռուսիոյ հեծելարշաւի ախոյեան, այս գծով երէկ յայտնեց հայկական մարզական մամուլը: Ռուսական Իժեւսք քաղաքին մէջ տեղի ունեցած այա ախոյեանութեան, 50 քկ զոյգի մրցումներուն, ան Իլիա Պայտիքովի հետ միասին, արձանագրեց 1ժամ 03:12,8 արդիւնք մը: Իսկ տղոց 75 քմ խմբային մրցումներուն, ան հանդիսացաւ ոսկիէ մետալակիր: Նշենք, որ Գրիգորեանի անձնական մարզիչն է, Հայաստանի մէջ մեծ համբաւ վայելող՝ Ռուստամ Մխսեան:...

Անգլիական Ֆութպոլ. Խամես Ռոտրիկեզ Միացաւ Էվըրթընի

Անգլիական Ֆութպոլ. Խամես Ռոտրիկեզ Միացաւ Էվըրթընի

Ռէալ մատրիտի մաս կազմող քոլոմպիացի յառաջապահ՝ Խամես Ռոտրիկեզ, իր ակումբը լքելով, միացաւ Էվըրթընի, այս գծով յայտնեց անգլիական մամուլը: Լիվըրփուլեան ակումբը յայտնեց ըսելով, որ ան կնքեց երկու տարուան պայմանագրութիւն մը, այդ մէկը յաւելեալ տարիով մը երկարաձգելու նախնական համաձայնութեամբ մը: Նշուեցաւ, որ մայրաքաղաքի կազմին ֆրանսացի մարզիչը՝ Զինետտին Զիտան նշած է, որ իր ծրագիրներուն մէջ նկատի չէ առած Ռոտրիկեզին՝ 2020-2021 տարեշրջանին համար: Ռոտրիկեզ,...

Ֆրանսական Ֆութպոլ. Մպափէ Եւս Վարակուեցաւ «Քորոնա» Ժահրով

Ֆրանսական Ֆութպոլ. Մպափէ Եւս Վարակուեցաւ «Քորոնա» Ժահրով

Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին եւ Փարիզ Սեն Ժերմենի երիտասարդ յառաջապահ՝ Քիլիան Մպափէ եւս վարակուեցաւ «Քորոնա» ժահրով, այս գծով յայտնեց ֆրանսական անուանի մարզաթերթերէն՝ «France Football»-ը: Այս մէկուն պատճառով, ան իր մասնակցութիւնը չկրցաւ բերել երէկ տեղի ունեցած Ֆրանսա-Խրուաթիա մրցումին, որ կ’իյնայ «Ազգերու-Լիկա»-յի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ (Ա. դասակարգ, Գ. խմբակ): Այսպիսով, ան դարձաւ Փարիզ Սեն Ժերմենի 7-րդ ֆութպոլիստը, որ կը վարակուի...

Թենիս. Որակազրկուած Ճոքովիչ Այս Անգամ Տուգանքի Ենթարկուեցաւ

Թենիս. Որակազրկուած Ճոքովիչ Այս Անգամ Տուգանքի Ենթարկուեցաւ

Միացեալ Նահանգներու թենիսի ախոյեանութեան՝ «Եու. Էս. Օփըն»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին կազմակերպիչները յայտնեցին ըսելով, որ տղոց թենիսի միջազգային դասաւորման մէջ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող սերպ թենիսմէն՝ Նովաք Ճոքովիչ, որ քանի մը օր առաջ որակազրկուած էր, այժմ տուգանքի ենթարկուեցաւ: «The Time» հաղորդեց ըսելով, որ ան 10 հազար ամերիկեան տոլար տուգանքի ենթարկուեցաւ, մրցաշարքին ընթացքին իր ունեցած ոչմարզավայել կեցուածքին համար: Այս մէկէն...

Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Կրնայ Պատժել Փարիզ Սեն Ժերմենը

2019-2020 Տարեշրջանին՝ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն ունեցաւ 575 Միլիոն Եւրոյի Վնաս Մը

Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն յայտարարեց, որ 2019-2020 տարեշրջանին ունեցած է աւելի քան կէս միլիառ եւրոյի վնաս մը, «Քորոնա» ժահրին պատճառով ստիպողական ընդմիջման համար: Կազմակերպութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ յետաձգուած մրցումներուն հետեւանքով, անիկա զրկուած է 575 միլիոն եւրոյէ, ուղղակիօրէն պատկերասփռուելիք մրցումներուն վաճառքի իրաւունքէն: Նշենք, որ «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի եւ «Եւրոպայի-Լիկա»-յի ֆութպոլի մրցաշարքերը մարտ ամսուան ընթացքին դադրեցան եւ...

«Ազգերու-Լիկա»-յի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Այսօր՝ Հայաստան-Էսթոնիա

«Ազգերու-Լիկա»-յի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Այսօր՝ Հայաստան-Էսթոնիա

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Ազգերու-Լիկա»-յի ֆութպոլի մրցաշարքին զտումի մրցումներուն, այսօր կը կատարէ իր երկրորդ ճակատումը, երբ կը մրցի Էսթոնիոյ դէմ: Այս մրցումը կ’իյնայ Գ. դասակարգին Բ. խմբակին ծիրին մէջ: Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին մէջ տեղի ունենալիք այս մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 19:00-ին՝ Պէյրութի ժամանակացոյցով: Երկու կազմերն ալ պիտի փորձեն արձանագրել մրցաշարքի իրենց առաջին...

Page 591 of 1279 1 … 590 591 592 … 1,279

Արխիւներ