Ինչպէս ծանօթ է, որ նախորդ շաբաթ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ՝ Հենրիխ Մխիթարեան պաշտօնապէս դարձաւ Ա. Էս. Ռոմայի ֆութպոլիստ, երբ իտալական կազմը անոր նախկին ակումբէն՝ Արսենալէն գնեց անոր փոխանցման իրաւունքը:
Պատրաստուելու համար Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Քալչիո»-յի 2020-2021 տարեշրջանին, անոր կազմը կատարեց ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը, Իտալիոյ ֆութպոլի Դ. Դասակարգին մէջ հանդէս եկող Սամպենետեթեզէի դէմ:
Փորթուգալցի Փաուլօ Ֆոնսեքայի գլխաւորած կազմը՝ Ա. Էս. Ռոմա, արձանագրեց՝ 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը: Մխիթարեան նշանակեց իր կազմին երրորդ կոլը, 31-րդ վայրկեանին:
Նշենք, որ Մխիթարեան իր մասնակցութիւնը չբերաւ Մակեդոնիա-Հայաստան մրցումին («Ազգերու-Լիկա»), ըսելով, որ այդքան լաւ մարզավիճակի մէջ չէ: