Հայրենի ֆութպոլիստ՝ Աղուան Պապիկեան, նախորդ շաբաթավերջին ունեցաւ իր նոր ակումբը:
26 տարեկան ֆութպոլիստը, որ իր արհեստավարժ ասպարէզին մեծ մասը անցուցած է Լեհաստանի մէջ, միացաւ Արարատի, յայտնեց անոր նոր կազմին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան, անցեալին ան ելոյթ ունեցած է՝ Ուլիսի, Փիւնիկի եւ Ալաշկերտի, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի տարբեր տեսակի տարիքային հաւաքականներուն:
Իր նոր կազմին միանալուն առիթով, ան ըսաւ, որ իր ամէն կարելին պիտի ընէ, արձանագրելու համար տպաւորիչ արդիւնքներ, որպէսզի ապացուցէ, որ արժանի է հրաւիրուելու Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքական: