Պարսելոնայի մաս կազմող չիլիցի միջնապահ՝ Արթուրօ Վիտալ, քաթալոնիական իր ակումբէն կը պահանջէ շուրջ 6 միլիոն եւրօ փոխհատուցում, պայմանագրութիւնը վաղաժամ միակողմանի խզելու համար, այս գծով յայտնեց իտալական «La Gazzetta dello Sport» մարզական օրաթերթը:
Պարսելոնա 33 տարեկան իր ֆութպոլիստին պիտի արտօնէ, մարզիկներու փոխանցման ընթացքին, անվճար հեռանալ կազմէն:
Վիտալի հետ երկու տարուան պայմանագրութիւն պիտի կնքէ Ինթեր Միլան, որմէ ֆութպոլիստը պիտի ստանայ՝ 6 միլիոն եւրօ:
Նշենք, որ Վիտալի պայմանագրութիւնը Պարսելոնայի հետ նախատեսուած է մինչեւ յառաջիկայ տարեշրջանին աւարտը: