Իտալական Ա. Սէ. Միլանի շուէտացի յառաջապահ՝ Զլաթան Իպրահիմովիչ, կ’ուզէ իր գործող պայմանագրութիւնը երկարաձգել իր կազմին հետ:
Նշուեցաւ, որ 39 տարեկան ֆութպոլիստին գործակալ Մինօ Ռայոլա արդէն իսկ սկսած է իր աշխատանքներուն՝ այդ ուղղութեամբ:
«Corriere della Sera» կը յայտնէ ըսելով, որ թէեւ ան իր գործող պայմանագրութիւնը մէկ տարիով երկարաձգեց, սակայն կը փափաքի աւելի երկար մնալ միլանեան կազմին հետ:
Այս տարեշրջանին, ան իր կազմին հետ ցարդ կատարած է 5 մրցում եւ նշանակած՝ 3 կոլ: