Նախորդ շաբաթավերջին, տեղի ունեցան Լիբանանի Քոնկ Ֆու-Ուու Շու-ի ֆետերասիոնին ընտրութիւնները, ներկայութեամբ՝ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչին:
Այդ ընտրութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը բերին, ֆետերասիոնին մօտ անդամագրուած 20 ակումբներուն 15-ը:
Մրցակից ցանկի չգոյութեան պատճառով, իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած 11 անձերն ալ ընտրուեցան, մաս կազմելով նոր ֆետերասիոնին:
Նշենք, որ նախքան ընտրութիւնները, երեք անձեր յետս կոչեցին իրենց առաջադրած թեկնածութիւնը:
Նոր ֆետերասիոնին մաս կազմեցին՝ Ժաք Տաղըլեան (Ա. փոխնախագահ) եւ Սագօ Դարբինեան (խորհրդական):
Ժորժ Նըսէյր պահեց նախագահի իր պաշտօնը:
Ընտրուած նոր ֆետերասիոնը պիտի պաշտօնավարէ յառաջիկայ չորս տարիներուն ընթացքին: