Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին եւ կիպրական «ԱԷԼ»-Լիմասոլի յառաջապահ՝ Գէորգ Ղազարեան, Կիպրոսի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, դարձաւ կոլի հեղինակ, Էնոսիս Փարալիմնիի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (4-1):
Ան իր կոլը նշանակեց 70-րդ վայրկեանին, երբ մրցումը կ’ընթանար 3-1 արդիւնքով:
Անոր կազմը այժմ, 12 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 5-րդ դիրքը, չորս կէտով ետ մնալով պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ափոլլոն Լիմասոլէն: