Իտալական մարզական մամուլին համաձայն, շատ հաւանական է, որ Եուվենթուսի նախկին գլխաւոր մարզիչը իտալացի՝ Մասիմիլիանօ Ալեկրի նշանակուի Չելսիի մարզիչ:
Անգլիական ակումբին ղեկավարութիւնը դժգոհ է այժմու իր մարզիչէն՝ Ֆրանք Լամփարէն: Հակառակ անոր որ նոր տարեշրջանին նախօրեակին, Չելսի բաւական մը զօրացուց իր շարքերը, սակայն խումբը ցարդ իրմէ սպասուածը չի տար:
Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Փրեմիեր-Լիկ»-ի 5-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, լոնտոնեան կազմը ցարդ արձանագրած է միայն 2 յաղթանակ:
Ալեկրի, որ ներկայիս առանց ակումբի է, 2014-էն 2019 եղած է Եուվենթուսի մարզիչ: