Լիբանանի ֆութսալի 2020-2021 տարեշրջանի ախոյեանութեան զտումի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը, կատարեց մրցաշարքի իր երկրորդ ճակատումը, երբ Սատաքայի դաշտին վրայ մրցեցաւ Սալամ Սալիմայի դէմ:
ՀՄԸՄ տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 8-0 արդիւնքով (կիսախաղ՝ 3-0) ջախջախեց իր մրցակիցին:
ՀՄԸՄ-էն հեթրիք մը իրագործեց Խաչիկ Սերոբեան (6-րդ, 17-րդ եւ 33-րդ), տուպլէ իրագործեցին՝ Ներսէս Գուլխանճեան (20-րդ եւ 29-րդ) եւ Շանթ Պալեան (24-րդ եւ 40-րդ), մինչ կոլ մը նշանակեց՝ Սերժ Մելիքեան (39-րդ):
Կը շնորհաւորենք ՀՄԸՄ-ի տղոց այս փայլուն յաղթանակը: