Լիբանանի ֆութսալի 2020-2021 տարեշրջանի բաժակի մրցաշարքին զտումի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր՝ երեքշաբթի, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը, Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, կը մրցի Սալամ Սալիմա խումբին դէմ:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Սատաքայի դաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 20:00-ին:
ՀՄԸՄ-ի կազմը թէեւ իր կատարած առաջին մրցումին պարտութիւն մը կրեց, սակայն խումբը ունեցաւ բաւական լաւ ներկայացում մը:
Այսօր, ՀՄԸՄ-ի մարզիկները ոչ մէկ ճիգ պէտք է խնայեն, յաղթելու համար իրենց մրցակիցին: