Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ Ռաֆայէլ Նազարեան նշանակուեցաւ Հայաստանի 21 տարեկանէն վար հաւաքականին գլխաւոր մարզիչ:
Նշուեցաւ, որ ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցած է հանդիպում մը, Նազարեանի եւ ֆետերասիոնին նախագահ՝ Արմէն Մելիքբեկեանի հետ, որմէ ետք կողմերը ստորագրած են երկու տարուան համագործակցութեան պայմանագիր:
45 տարեկան մասնագէտին մարզիչներու խմբակին մէջ ընդգրկուած են՝ Մհեր Միրումեան, Գէորգ Պօղոսեան, Արամ Բարեղամեան եւ բերդապահներու մարզիչ՝ Նիքոլայ Սարգսեան: