Վաղը՝ հինգշաբթի, «Եւրոպայի-Լիկա»-յի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ տեղի պիտի ունենան բազմաթիւ ճակատումներ՝ 12 խմբակներու մէջ:
Երէկ, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին պաշտօնական կայքը յայտնեց ըսելով, որ Լայսթըր Սիթի-Զորիա մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան իգական սեռէն:
Այս մրցաշարքին պատմութեան մէջ, առաջին անգամ ըլլալով է որ մրցումի մը իրաւարարները պիտի ըլլան կիներ:
Կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարն է, 36 տարեկան ֆրանսացի Սթեֆանի Ֆրափար: Անոր օգնականներն են՝ ՍիրիլՄիունյէ Եւ Պենժամէն Փաժես: Իսկ չորրորդ իրաւարարն է՝ Ժոան Ամել:
Նշենք, որ 2019-ին, ան եղած է Լիվըրփուլ-Չելսի Եւրոպայի գերբաժակի մրցաշարքին ճակատումին, կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարը, կատարելով կարեւոր իրագործում մը, որ ցարդ չէր կատարուած կին իրաւարարի մը կողմէ:
Ֆրափար սուլած է նաեւ, Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով շարք մը մրցումներ: