Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացած Եուրի Ճորքայէֆի որդին՝ Օհան Ճորքայէֆ, տեղափոխուեցաւ Ցուիցերիա եւ միացաւ Ա. դասակարգին մէջ հանդէս եկող Քրիենս ակումբին:
23 տարեկան ֆութպոլիստը, երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Քրիենսի հետ, յայտնեց անոր նոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նախորդ տարեշրջանին, ան մաս կը կազմէր սկովտիական Սենթ Միրընին, որուն միացած էր 2019-ի ամրան:
Վերոնշեալ ակումբէն առաջ, միջնապահ Օհան, ելոյթ ունեցած է ֆրանսական Նանթի եւ Մոնփելիէի երկրորդ խումբերուն հետ: