Տղոց թենիսի աշխարհի միջազգային դասաւորման մէջ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ, իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք «Մասթըրզ»-ի միջազգային բաց մրցաշարքին, այս գծով յայտնեցին անոր կազմակերպիչները:
Մինչ, 34 տարեկան Նատալի մասնակցութիւնը հաստատուեցաւ, անդին նշուեցաւ, որ աշխարհի թիւ 1 դասուած թենիսմէն-ը՝ Նովաք Ճոքովիչ պիտի ըլլայ գլխաւոր բացական:
Ճոքովիչ կը պատրաստուի Վիեննայի մէջ կատարուելիք մրցաշարքին, որմէ ետք պիտի մեկնի Անգլիա, Լոնտոնի մէջ տեղի ունենալիք «ATP»-ի ամփոփիչ մրցաշարքին մասնակցելու համար:
Փարիզի մրցաշարքին մեկնարկը պիտի տրուի՝ յառաջիկայ 2 նոյեմբերին: Անոր գործող ախոյեանն է՝ Ճոքովիչ:



