Գերմանացի միջազգային միջնապահ՝ Մարիօ Կէօթցէ, որ նախորդ շաբաթավերջին իր մասնակցութիւնը բերաւ Փ. Ս. Վ. Այնտհովընի դէմ տեղի ունեցած Նետերլանտներու ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումին, իր նորամուտը նշեց կոլով մը:
Արդարեւ, Զվոլէի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (3-0), 28 տարեկան ֆութպոլիստը յաջողեցաւ նշանակել այս հանդիպումին առաջին կոլը (9-րդ վայրկեանին):
Նշենք, որ ան, վերջերս ազատ գործակալի կարգավիճակով միացաւ Այնտհովընի, որուն հետ ստորագրեց երկու տարուան պայմանագրութիւն մը:
Անոր նախկին ակումբն էր՝ Պորուսիա Տորթմունտ: