Ռուսիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան՝ «Փրեմիեր-Լիկ»-ի 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Թամփով, որ հիւրը եղաւ Ռոթոր Վոլկոկրատին, արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Հիւր կազմին առաջին կոլը նշանակեց (57-րդ վայրկեանին), Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին յառաջապահ՝ Ալեքսանտր Կարապետեան, որ դաշտ ներկայացած էր 46-րդ վայրկեանին:
Իր նշանակած կոլէն կարճ ատեն մը ետք (69-րդ), ան ազդրի վնասուածք ստանալով, փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:
Մրցումէն ետք, Կարապետեան ըսաւ. «Իմ այս կոլս կը նշանակեմ իմ բոլոր եղբայրներուս, որոնք կը մարտնչին հայրենիքին համար: Դուք բոլորդ ալ մէկական հերոսներ էք: Հայաստանը կը հպարտանայ ձեզմով»:
Թամփովի հետ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր նաեւ խումբին նորեկ, Հայաստանի հաւաքականին յառաջապահ՝ Վարազդատ Հարոյեան, որ մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին:
Իսկ Վոլկոկրատի հետ ամբողջ մրցումին մասնակցեցաւ, հաւաքականին մէկ այլ մարզիկը, յետսապահ՝ Արմէն Մանուչարեան:
Այս հանգրուանէն ետք, Թամփով 11 կէտով կը գրաւէ 12-րդ դիրքը: Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ, որ ունի 24 կէտ: Նոյնքան կէտ ունի նաեւ՝ Սպարտակ Մոսկուա (2-րդ):