Պայէրն Միւնիխ Եւ
Լիվըրփուլ Յաղթական
Նախանցեալ օր սկսած «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին մրցումները, որոնք կը կատարուին խմբակներու դրութեամբ, շարունակուեցան երէկ:
Բ. խմբակին մաս կազմող Ռէալ Մատրիտ, որ հիւրընկալեց ուքրանական Շախտիոր Տոնեցքին, անկէ կրեց 3-2 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը:
3-0 արդիւնքով ուշանալէ ետք, Ռէալ Մատրիտ նշանակեց երկու կոլ, մինչ անոր նշանակած երրորդ կոլը (90+2րդ), «ՎԱՐ»-ի կողմէ չեղեալ համարուեցաւ:
Պայէրն Միւնիխ (Ա. խմբակ), 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց իր հիւրը՝ Աթլեթիքօ Մատրիտը:
Լիվըրփուլ (Դ. խմբակ), որ հիւրը եղաւ Այաքս Ամսթերտամին, արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Մրցումին միակ կոլը նշանակուեցաւ հիւրընկալ կազմին մէկ մարզիկին կողմէ՝ սխալմամբ իր բերդէն ներս:



