Գեղասահորդները Սկսան Նախապատրաստուելու Եւրոպայի Եւ Աշխարհի Ախոյեանութեան
Հայաստանի գեղասահքի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ Հայաստանի գեղասահքի հաւաքականի անդամները սկսան նախապատրաստուելու Եւրոպայի եւ աշխարհի ախոյեանութիւններուն:
Թինա Կարապետեան-Սիմոն Պրուքս Սենեկալ զոյգը այժմ կը մարզուի Մոնրէալի մէջ (Քանատա):
Աղջկանց գեղասահքի մրցումներուն մասնակցող Հայաստանի միակ ներկայացուցիչը` Անասթասիա Գալուստեան, իր փորձերը կը կատարէ Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ, ուր արդէն իսկ կ’ապրի:
Իսկ Սլաւիկ Հայրապետեան կը նախապատրաստուի Երեւանի մէջ:
Նշենք, որ Եւրոպայի գեղասահքի ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 25-31 յունուար 2021-ին, Զաղրեպի մէջ, մինչ 22-28 մարտ 2021-ին Շուէտ կը հիւրընկալէ աշխարհի ախոյեանութիւնը, որ վարկանշային է 2022-ի ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն համար:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական