Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը 600 եւրօ տուգանքի ենթարկեց Պարսելոնային մաս կազմող արժանթինցի միջազգային յառաջապահ Լիոնել Մեսսիին: Իսկ անոր ակումբը ստացաւ 350 եւրոյի տուգանք մը:
Նախորդ շաբաթավերջին Օսասունայի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (4-0), Մեսսի իր կոլը նշանակելէն ետք, իր մարզաշապիկին տակէն հանեց այլ մարզաշապիկ մը եւ ցուցադրեց Նիւըլզ Օլտ Պոյզի թիւ 10 թիւը կրող մարզաշապիկը, որ կրած էր Տիեկօ Մարատոնան, երբ մաս կը կազմէր վերոնշեալ արժանթինեան ակումբին:
Սպանական մամուլը յայտնեց, որ երկու տուգանքներն ալ այդքան մեծ չեն` նկատի ունենալով, որ անոնք կրնային հասնիլ մինչեւ 3 հազար եւրոյի: