Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին` ՖԻՏԷ-ին կողմէ երէկ հրապարակուած նոր դասաւորման մէջ մնաց իր նոյն դիրքին վրայ` 6-րդ:
Բնականաբար, առաջին դիրքին վրայ կը մնայ աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնուս Քարլսըն:
Հայաստանի ճատրակ խաղացողներէն Գաբրիէլ Սարգսեան կը գրաւէ 53-րդ դիրքը, Հրանդ Մելքումեան` 78-րդ, իսկ Կարէն Գրիգորեան` 96-րդ դիրքը:



