Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախկին նախագահ Ժորժ Պարաքաթ իր հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ շնորհաւորեց Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը, որ Պահրէյնի մէջ իր արձանագրած երկու յաղթանակներուն շնորհիւ ապահովեց Ասիա-2021-ի պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումներու իր տոմսը:
Այլ գետնի վրայ, Պարաքաթ շեշտեց այն կարեւոր կէտը, որ ոչ ոք պէտք է ազգային խումբին այս իրագործումը օգտագործէ իր անձնական շահերուն համար եւ այդ մէկը չչարաշահէ Լիբանանի պասքեթպոլի նոր ֆետերասիոնին ընտրութիւններուն համար:
Ան ըսաւ, որ բոլոր լիբանանցիները կը փափաքին, որ լիբանանեան պասքեթպոլը միշտ ըլլայ վերելքի մէջ:
Հետեւաբար, ասկէ մեկնելով, եզրափակեց ան, մեր մարզիկներուն յաջողութիւնը տարբեր բան է, իսկ թեկնածու ներկայացած անձերուն անձնական շահերը` տարբեր:



