Սպանական անուանի մարզաթերթեր, որոնց կարգին` «Մարքա», կը յայտնեն, որ Ռէալ Մատրիտի ֆրանսացի մարզիչ Զինետտին Զիտանի ապագան արքայական ակումբին հետ երաշխաւորուած չի թուիր ըլլալ:
«Լա Լիկա»-ի խումբին արձանագրած արդիւնքները եւ «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով անոր կրած պարտութիւնը` ուքրանական Շախտիոր Տոնեցքէն, պատճառ կրնան դառնալ, որ ան պաշտօնանկ ըլլայ ակումբին ղեկավարութեան կողմէ:
Նշուեցաւ, որ ակումբին կատարելիք յաջորդ երեք մրցումները` Սեւիլլայի, Աթլեթիքօ Մատրիտի («Լա Լիկա») եւ Պորուսիա Մէօնշընկլատպախի («Չեմփիընզ Լիկ») դէմ, պիտի ըլլան բաւական վճռորոշ: