Լիբանանի ֆութպոլի 2020-2021 տարեշրջանի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, շաբաթավերջին կը կատարուին զտումի Ա. հանգրուանի մրցումները:
Ինչպէս ծանօթ է, բաժակի մրցաշարքերը կը կատարուին նաք-աութի դրութեամբ:
Հետեւաբար, պարտուող խումբը մրցաշարքէն դուրս կը մնայ, մինչ յաղթականը կը շարունակէ իր երթը:
Լիբանանի Դ. դասակարգին մէջ հանդէս եկող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը կիրակի, 6 դեկտեմբերին մրցում ունի կատարելիք Նասըր Հատասի դէմ:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 10:30-ին, տեղի պիտի ունենայ Պհամտունի քաղաքապետութեան մարզադաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կը սպասուի ամէն գնով յաղթել իրենց մրցակիցին:
Նշենք, որ խումբին մարզիչն է Ռիշար Ֆաուազ, որ մարզիչի իր դասընթացքները կատարած է Գերմանիոյ մէջ եւ հոնկէ ստացած մարզիչի համապատասխան արհեստավարժ վկայագիր: