«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Ա. Էս. Ռոմա – Եանկ Պոյզ
Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի Ե. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 3 դեկտեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի կազմը` Ա. Էս. Ռոմա, կը հիւրընկալէ Եանկ Պոյզը (Զուիցերիա):
Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):
Յաղթանակի կամ նոյնիսկ հաւասարութեան մը պարագային, իտալական կազմը պիտի ապահովէ «փլէյ օֆ»-ի մրցումներուն իր տոմսը:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական