Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ 12 դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենան նոր ֆետերասիոնին ընտրութիւնները:
Այս ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ), յետմիջօրէին ժամը 16:00-ին:
Բոլոր այն անձերը, որոնք կը փափաքին իրենց թեկնածութիւնը առաջադրել, մինչեւ շաբաթ, 5 դեկտեմբեր իրենց անունները եւ պէտք եղած օրինական բոլոր վաւերաթուղթերը ուղարկած պէտք է ըլլան ֆետերասիոնին քարտուղարութեան, Քֆարշիմայի անոր նստավայրին մէջ, ամէն օր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն 16:00:
Նշենք, որ արձանագրութիւնները սկսան երկուշաբթի, 30 նոյեմբերին:


