Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Ռոսթովի միջնապահ Խորէն Բայրամեան ընդգրկուեցաւ Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանի խորհրդանշական հաւաքականին մէջ, այս գծով յայտնեց «matchpremier.ru» կայքը:
Այս հանգրուանին անոր կազմը արձանագրեց 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը` Տինամօ Մոսկուայի դէմ: Հայ ֆութպոլիստը նշանակեց իր կազմին երկու կոլերը:
Նշենք, որ Բայրամեան նախորդ հանգրուանին եւս ընդգրկուած էր խորհրդանշական հաւաքականին մէջ: