Արժանթինի Մէջ Առաջարկած Են Մարատոնայի Անունով Եւ Լուսանկարով Թղթադրամներ Հրապարակել
Արժանթինեան մամուլը երէկ յայտնեց, որ երկրին մէջ առաջարկուած է արժանթինցի ֆութպոլիստ Տիեկօ Մարատոնայի յիշատակը յարգելու համար անոր անունով եւ լուսանկարով թղթադրամներ հրապարակել: Նշուեցաւ, որ 10 հազար փեսօ թղթադրամը պիտի ըլլայ անոր անունով եւ լուսանկարով:
Այս գաղափարին զօրակցելու եւ աջակցելու համար ստորագրահաւաք սկսած է «Change.org» կայքին վրայ:
Ցարդ ստորագրած են աւելի քան 15 հազար անձեր:
Նշուեցաւ, որ առաջարկուած է շատ քիչ քանակութեամբ հրապարակել այդ թղթադրամները:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական