Սթեֆանօ Փիոլի Ապաքինեցաւ «Քորոնա» Ժահրէն
Իտալական Ա. Սէ. Միլանի գլխաւոր մարզիչ Սթեֆանօ Փիոլի, ապաքինեցաւ «Քորոնա» ժահրէն, այս մասին յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
55 տարեկան իտալացի ֆութպոլի մասնագէտը այդ ժահրով վարակուած էր նախորդ 14 նոյեմբերին: Ան երէկ միացաւ իր կազմին եւ իր մարզիկներուն հետ սկսաւ իր սովորական փորձերուն:
Նշենք, որ անոր բացակայութեան, խումբին փորձերուն կը հսկէր ակումբի նախկին յետսապահ, 39 տարեկան Տանիելէ Պոներա, որ 2019-էն ի վեր ակումբի մարզիչներու խմբակին մէջ էր:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական