Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան Եուվենթուսի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ դարձաւ «Կոլտըն ֆութ-2020» մրցանակի դափնեկիր:
Այս մրցանակը կը շնորհուի 28 տարեկանէն աւելի մեծ ֆութպոլիստներուն` ֆութպոլի զարգացման մէջ անոնց ունեցած ներդրումին համար:
Նշենք, որ 35 տարեկան Ռոնալտօ այսպիսով հանդիսացաւ առաջին փորթուգալցին, որ կը տիրանայ այս մրցանակին:
Նախապէս այս մրցանակին արժանացած են նաեւ Լիոնել Մեսսի, Սերճիօ Ռամոս, Մոհամետ Սալահ, Նէյմար եւ ուրիշներ:
Այս տարի առաջին անգամ ըլլալով շնորհուեցաւ նաեւ «Կոլտըն ֆութ փրեսթիժ» մրցանակը, որ բաժին ինկաւ Եուվենթուսի նախագահ Անտրէա Անիելլիին` իր ասպարէզին ընթացքին իր ունեցած յաջողութիւններուն համար: