Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ ֆետերասիոնը կը կազմակերպէ աղջկանց ֆութսալի բաց ախոյեանութիւն:
Ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ տարիքային դասաւորումով. 12 տարեկանէն վար, 15 տարեկանէն վար եւ 15 տարեկանէն վեր:
Այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: Անոր ազդանշանը պիտի տրուի 13 դեկտեմբերին:
Իւրաքանչիւր խումբ բաղկացած պէտք է ըլլայ նուազագոյնը 6 մասնակցողէ:
Մասնակցութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է 7 դեկտեմբերը:



