Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Էրիք Վարդանեան ռուսական Սոչիի հետ իր նորամուտը նշեց յաղթանակով:
Նշենք, որ Վարդանեան երկար ժամանակէ ի վեր բացակայ էր ֆութպոլի դաշտերէն եւ ապաքինումի ընթացքին մէջ էր` իր ստացած վնասուածքին պատճառով:
Արդարեւ, անոր կազմը Ռուսիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, իր հիւրին` Ախմաթի դէմ: Վարդանեան դաշտ ներկայացաւ 85-րդ վայրկեանին:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Սոչի այժմ իր տրամադրութեան տակ ունենալով 27 կէտ, կը գրաւէ դասաւորման 7-րդ դիրքը` 8 կէտով ետ մնալով Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկէն եւ Սպարտակ Մոսկուայէն: