Տղոց թենիսի միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող սերպ Նովաք Ճոքովիչ որոշեց տեղափոխուիլ Սպանիա եւ հաստատուիլ Մարպելլա, այս մասին յայտնեց «Թելեկրաֆ»-ը:
Ան ներկայիս կը բնակի Մոնթէ Քարլոյի մէջ (Մոնաքօ):
«Քորոնա» ժահրի համավարակին առաջին ալիքի ընթացքին ան կը գտնուէր Մարպելլա: Անոր համար այդտեղի կեանքը բաւական հաճելի թուած է:
Ան արդէն իսկ 10 միլիոն եւրօ արժողութեամբ վիլլա գնած է հոնկէ:
Նշենք, որ 33 տարեկան Ճոքովիչ ցարդ տիրացած է 19 կրան շլեմի մրցաշարքերու տիտղոսներու: