Աղջկանց թենիսի ֆետերասիոնին (Տապըլիու. Թի. Էյ.) կողմէ կազմակերպուած քուէարկութեան արդիւնքին լոյսին տակ, որոշուեցաւ աւարտած տարեշրջանին աղջկանց լաւագոյն մրցումը:
Ամէնէն շատ ձայն ստացաւ ռումանացի Սիմոնա Հալեփի եւ ղազախ Ելենա Ռիպաքինայի միջեւ կատարուած աւարտական մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ):
Անիկա աւարտեցաւ Հալեփի յաղթանակով` 3-6, 6-3 եւ 7-6 արդիւնքով: