Յառաջիկայ կիրակի, 13 դեկտեմբերին, Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ (Պաուշրիէ) տեղի պիտի ունենան Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի ընտրութիւնները:
Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ երէկ ժամը 16:00-ին վերջին պայմանաժամն էր այս ընտրութիւններուն թեկնածութիւն առաջադրելու:
Ըստ երեւոյթին, ընտրութիւնները պիտի ըլլան բաւական սուր` նկատի ունենալով, որ 39 անձեր առաջադրեցին իրենց թեկնածութիւնը:
Նշենք, որ նախապէս կը կազմուէր համախոհական ցանկ մը, մինչ ներկայիս կան երեքէ աւելի ցանկեր, ուստի պիտի ըլլայ մրցակցութիւն: