Մարզական

Գեղասահք.  Եւրոպայի Մեծերու Ախոյեանութիւնը  Յետաձգուեցաւ

Գեղասահք. Եւրոպայի Մեծերու Ախոյեանութիւնը Յետաձգուեցաւ

Հայաստանի գեղասահքի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ Եւրոպայի գեղասահքի մեծերու ախոյեանութիւնը յետաձգուեցաւ: Նշենք, որ անոր թուական ճշդուած էր 25-31 յունուար 2021, իսկ վայրը` Խրուաթիոյ մայրաքաղաք Զաղրեպը: Անոր զուգահեռ, յետաձգուեցաւ նաեւ Պէյճինկի մեծ մրցաշարքը: Սակայն ցարդ անորոշ է, որ արդեօք պիտի յետաձգուի՞ նաեւ աշխարհի ախոյեանութիւնը, որ նախատեսուած է կայացնել Շուէտի մէջ: Ֆետերասիոնին կայքէն կը տեղեկանանք նաեւ, որ Հայաստանի ներկայացուցիչները Անասթասիա Գալուստեան, Սլաւիկ Հայրապետեան,...

ՖԻՖԱ-ն Ներկայացուց Տարուան Լաւագոյն  Ֆութպոլիստի Մրցանակի Թեկնածուներուն Եռեակը

ՖԻՖԱ-ն Ներկայացուց Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստի Մրցանակի Թեկնածուներուն Եռեակը

Իր պաշտօնական կայքին ընդմէջէն, ՖԻՖԱ-ն ներկայացուց այն երեք ֆութպոլիստներուն անունները, որոնցմէ մէկը պիտի ընտրուի 2020 տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը: Այդ երեք թեկնածուներն են` Լիոնել Մեսսի, Քրիսթիանօ Ռոնալտօ եւ Ռոպերթ Լեւանտովսքի: Մրցանակաբաշխութիւնը պիտի կատարուի յառաջիկայ 17 դեկտեմբերին, առցանց դրութեամբ:  

«Ֆորմիւլա-1».  Հեմիլթըն Պիտի Մասնակցի  Ապու Տապիի «Կրան-Փրի»-ին

«Ֆորմիւլա-1». Հեմիլթըն Պիտի Մասնակցի Ապու Տապիի «Կրան-Փրի»-ին

Անգլիական «Սքայ-Սփորթց» տեղեկացուց, որ 7-րդ անգամն ըլլալով «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան տիտղոսին տիրացած Լուիս Հեմիլթըն, ապաքինած ըլլալով («Քորոնա» ժահրէն), իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ վաղը` կիրակի, Ապու Տապիի (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) «Եաս-Մարինա»-ի վազքուղիին վրայ կատարուելիք «կրան-փրի»-ին: Նշենք, որ ան բացակայած էր նախորդ «կրան-փրի»-էն: «Մերսետես»-ի վարորդը արդէն իսկ ժամանակէն առաջ ապահոված է ախոյեանութեան տիտղոսը` հաւասարելով գերմանացի Միքայէլ Շումախըրի հաստատած մրցանիշին:    

Լիբանանի Վոլիպոլի Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններ.  Ուալիտ Քասուֆ Այսօր Կը Հրապարակէ  Իր Գլխաւորելիք Ընտրացանկը

Լիբանանի Վոլիպոլի Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններ. Ուալիտ Քասուֆ Այսօր Կը Հրապարակէ Իր Գլխաւորելիք Ընտրացանկը

Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ուալիտ Քասուֆ այսօր կու տայ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին կը հրապարակէ Լիբանանի վոլիպոլի նոր ֆետերասիոնի ընտրութիւններուն իր գլխաւորելիք ընտրացանկը, որուն մաս կը կազմեն 15 թեկնածուներ: Այս մամլոյ ասուլիսը տեղի պիտի ունենայ «Լը Ռոյալ» պանդոկին մէջ (Տըպպայէ), յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին: Նշենք, որ նոր ֆետերասիոնին ընտրութիւնները պիտի կատարուին վաղը` շաբաթ, 12 դեկտեմբերին:

Ճատրակ.  Շանթ Սարգսեան Ապահովեց Աշխարհի  Ախոյեանութեան Աւարտական Հանգրուանի Իր Տոմսը

Ճատրակ. Շանթ Սարգսեան Ապահովեց Աշխարհի Ախոյեանութեան Աւարտական Հանգրուանի Իր Տոմսը

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ իր աւարտին հասաւ աշխարհի ճատրակի պատանեկան ախոյեանութիւնը, որ կատարուեցաւ առցանց դրութեամբ: 18 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ, Շանթ Սարգսեան առաւելագոյն 7 կէտէն 5,5 կէտ ապահովելով գրաւեց դասաւորման երկրորդ դիրքը եւ ապահովեց աւարտական հանգրուանի իր տոմսը: Իր տոմսը ապահովելու բաւական մօտ էր նաեւ Արթուր Դաւթեան, սակայն ան վերջին հանգրուանին պարտութիւն մը կրելով գրաւեց դասաւորման...

«ՖԻՖԱ».  Հայաստան Տարին Աւարտեց  99-րդ Դիրքին Վրայ

«ՖԻՖԱ». Հայաստան Տարին Աւարտեց 99-րդ Դիրքին Վրայ

Ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնը` ՖԻՖԱ-ն, երէկ հրապարակեց ազգային խումբերուն նոր դասաւորումը, որ եղաւ 2020 տարուան վերջինը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը տարին աւարտեց 99-րդ դիրքին վրայ` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 1233 վարկանշային կէտ: Հայրենի կազմը նախորդ ամիս եւս կը գրաւէր նոյն դիրքը: 1780 կէտ ապահովելով` տարուան պարագլուխի դիրքը ապահովեց Պելճիքա: Անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Ֆրանսա (1755) եւ Պրազիլ...

Ֆութսալ. «Եւրօ-2020».  Հայաստանի Ազգային Հաւաքականի  Մրցումներուն Յայտագիրը

Ֆութսալ. «Եւրօ-2020». Հայաստանի Ազգային Հաւաքականի Մրցումներուն Յայտագիրը

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ տեղի ունեցաւ «Եւրօ-2022»-ի ֆութսալի ախոյեանութեան խմբակներու դրութեամբ կատարուելիք զտումի մրցումներուն յայտագիրը: Բ. խմբակին մաս կազմող Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը, որ իրեն մրցակից պիտի ունենայ Ռուսիան, Ֆրանսան եւ Վրաստանը, իր մրցումները պիտի կատարէ հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ. 29 յունուար` Ռուսիա-ՀԱՅԱՍՏԱՆ 3 փետրուար` ՀԱՅԱՍՏԱՆ-Ֆրանսա 5 մարտ` Վրաստան- ՀԱՅԱՍՏԱՆ 10 մարտ` ՀԱՅԱՍՏԱՆ-Վրաստան 9 ապրիլ` ՀԱՅԱՍՏԱՆ-Ռուսիա 14 ապրիլ`...

Ըմբշամարտ.  Ռուբէն Ղարիբեան Եւս Պիտի Մասնակցի  Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարքին

Ըմբշամարտ. Ռուբէն Ղարիբեան Եւս Պիտի Մասնակցի Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարքին

  Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականը ներկայացնող մարզիկ մը եւս պիտի մասնակցի աշխարհի բաժակի անհատական մրցաշարքին, այս մասին պաշտօնապէս յայտնեց Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը: Այսպիսով, Ռուբէն Ղարիբեանի (82 քկ) մասնակցութեան հաստատումով, հայրենի մարզիկներուն ընդհանուր թիւը բարձրացաւ 10-ի: Նշենք, որ ըմբշամարտի աշխարհի բաժակի անհատական մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 12-18 դեկտեմբերին, Պելկրատի մէջ (Սերպիա):  

Մահացաւ Աշխարհի Ֆութպոլի  Ախոյեան Փաուլօ Ռոսսի

Մահացաւ Աշխարհի Ֆութպոլի Ախոյեան Փաուլօ Ռոսսի

Երէկ` հինգշաբթի, 10 դեկտեմբերին, կեանքէն հեռացաւ իտալական ֆութպոլի անցեալի նախկին աստղ, ոսկի գնդակի դափնեկիր եւ աշխարհի ախոյեան Փաուլօ Ռոսսի: Նշուեցաւ, որ 65 տարեկան Ռոսսիի մահուան պատճառը եղած է թոքերու քաղցկեղը: Ան 1982-ի Մոնտիալին իր կազմին` Իտալիոյ հետ հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան, ինչպէս նաեւ հանդիսացաւ մրցաշարքի լաւագոյն ռմբաձիգը: Ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ան մաս կազմած է իտալական վեց ակումբներու, որոնց կարգին`...

Մարատոնայի Ժառանգութիւնը Պիտի Բաժնուի  Նուազագոյնը 16 Անձերու Միջեւ

Մարատոնայի Ժառանգութիւնը Պիտի Բաժնուի Նուազագոյնը 16 Անձերու Միջեւ

Միջազգային մարզական մամուլը երէկ անդրադարձաւ նախորդ 25 նոյեմբերին մահացած Տիեկօ Մարատոնայի ձգած ժառանգութեան` նշելով, որ անիկա շատ հաւանաբար բաժնուի նուազագոյնը 16 անձերու միջեւ: Անոր ունեցած հարստութիւնը կը գնահատուի 40 միլիոն եւրոյով, որոնք զետեղուած են Արժանթինի, Զուիցերիոյ եւ Տուպայի դրամատուներուն մէջ: Բացի այդ գումարէն, ան ունի նաեւ բազմաթիւ ինքնաշարժներ, ինչպէս նաեւ` անշարժ գոյքեր, աշխարհի տարածքին, տարբեր երկիրներու մէջ: Նշուեցաւ, որ ան...

Հայաստանի 10 Լաւագոյն Մարզիկներու  Տասնեակ Պիտի Չընտրուի

Հայաստանի 10 Լաւագոյն Մարզիկներու Տասնեակ Պիտի Չընտրուի

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ այս տարի 2020-ի տարուան 10 լաւագոյն մարզիկներու քուէարկութիւնը պիտի չկատարուի: 2020-ին «Քորոնա» ժահրին պատճառով բազմաթիւ մրցաշարքեր` աշխարհի եւ Եւրոպայի տարածքին չկատարուեցան, ինչպէս նաեւ ողիմպիական խաղերը յետաձգուեցան: Հետեւաբար, ըստ նախարարութեան հաղորդագրութեան, դժուար պիտի ըլլայ ընտրել լաւագոյն տասնեակը: Այս ընտրութիւնը կը կատարուի ամէն տարի, դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին:

Լիոնել Մեսսիի Յաջորդ Ակումբը`  Փարիզ Սեն Ժերմե՞ն

Լիոնել Մեսսիի Յաջորդ Ակումբը` Փարիզ Սեն Ժերմե՞ն

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի նախագահ Նասեր Խելայֆի իր տուած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Լիոնել Մեսսիի ֆրանսական ակումբ հաւանական տեղափոխութեան մասին: «Մենք կը յարգենք բոլոր խումբերը եւ կը փափաքինք, որ անոնք ալ իրենց կարգին յարգեն մեզի: Ինծի համար Լիոնել Մեսսին այժմ Պարսելոնայի ֆութպոլիստ է, բայց ատիկա` մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը: Քաթալոնական ակումբին հետ անոր պայմանագրութիւնը իր աւարտին կը հասնի,...

Մպափէ Գերազանցեց Մեսսիի Մրցանիշը

Մպափէ Գերազանցեց Մեսսիի Մրցանիշը

«Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 6-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն, որոնք կատարուեցան խմբակներու դրութեամբ, Ը. խմբակին մաս կազմող Փարիզ Սեն Ժերմեն 5-1 արդիւնքով ջախջախեց թրքական Իսթանպուլ Պաշաքշեհիրը: Փարիզեան կազմէն Քիլիան Մպափէ, որ տուպլէ մը իրագործեց, յաջողեցաւ գերացանցել Լիոնել Մեսսիի հաստատած մրցանիշը` այս մրցաշարքին գծով: Մպափէ հանդիսացաւ այս մրցաշարքին պատմութեան ամէնէն երիտասարդ ֆութպոլիստը (21 տարեկան, 355 օրական), որ կը հասնի 20 կոլի...

2022-ի Մոնտիալ.  Քաթար Կը Մասնակցի Եւրոպայի  Գօտիի Զտումի Մրցումներուն

2022-ի Մոնտիալ. Քաթար Կը Մասնակցի Եւրոպայի Գօտիի Զտումի Մրցումներուն

2022-ի Մոնտիալի կազմակերպիչ յանձնախումբի գործադիր կոմիտէի անդամ Նասեր Հատեր յայտնեց, որ Քաթարի ֆութպոլի ազգային խումբը կը մասնակցի Եւրոպայի գօտիի զտումի մրցումներուն,` մաս կազմելով Ա. խմբակին: Անոր մրցակիցները պիտի ըլլան` Փորթուգալ, Սերպիա, Իրլանտա, Լիւքսամպուրկ եւ Ազրպէյճան: Իբրեւ աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան հիւրընկալ երկիր, Քաթարի կատարելիք այս մրցումները պիտի ըլլան բարեկամական մրցումներ, եւ անոր կատարելիք մրցումներէն անոր մրցակիցները կէտեր պիտի չապահովեն, որովհետեւ անիկա...

«Եւրօ-2021».  Խմբային Հանգրուանի Մրցումներուն  Վիճակաձգութիւնը

«Եւրօ-2021». Խմբային Հանգրուանի Մրցումներուն Վիճակաձգութիւնը

Երէկ` հինգշաբթի, 10 դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ Եւրոպայի 21 տարեկանէն վար 2021-ի երիտասարդական ախոյեանութեան` «Եւրօ-2021»-ի խմբային հանգրուանի մրցաշարքի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Խմբային հանգրուանի մրցումները պիտի կատարուին 24-31 մարտին, Հունգարիոյ եւ Սլովենիոյ մէջ: Իսկ փլէյ օֆի մրցումները, որոնք պիտի սկսին 31 մայիսին, պիտի աւարտին 6 յունիսին: Մրցաշարքին գործող ախոյեանն է Սպանիա: Ստորեւ` վիճակաձգութեան արդիւնքը. Ա. խմբակ.- Նետերլանտներ, Գերմանիա, Հունգարիա, Ռումանիա: Բ. խմբակ.- Սլովենիա,...

Լիբանանի Հենտպոլի Ֆետերասիոնի  Ընտրութիւններ

Լիբանանի Հենտպոլի Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններ

Լիբանանեան բոլոր ֆետերասիոններուն նման, կատարուեցան նաեւ Լիբանանի հենտպոլի ֆետերասիոնին ընտրութիւնները, Սատաքայի մարզահամալիրին մէջ` ներկայութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչին: Այս ընտրութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը բերին քուէարկելու իրաւունք ունեցող 16 ակումբները: Իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած 10 անձերէն 9-ը ընտրուեցան նոր ֆետերասիոնի անդամ, անոնք պիտի պաշտօնավարեն յառաջիկայ չորս տարիներուն ընթացքին:

Ֆութսալ. «Եւրօ-2022».  Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը  Ապահովեց Յաջորդ Հանգրուանի Իր Տոմսը

Ֆութսալ. «Եւրօ-2022». Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը Ապահովեց Յաջորդ Հանգրուանի Իր Տոմսը

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը մեծ քայլերով ապահովեց «ԵՒՐՕ-2022»-ի մրցաշարքի յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը, երկրորդ մրցումին եւս յաղթելէ ետք Պուլկարիոյ, այս անգամ` 3-1 արդիւնքով: Նշենք, որ առաջին մրցումին Հայաստան յաղթած էր 4-0 արդիւնքով: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, հայրենի կազմը ապահովեց խմբակներու դրութեամբ կատարուելիք զտումի հանգրուանի իր տոմսը: Հայաստան, որ այսպիսով մաս կազմեց...

2022-ի Մոնտիալ.  Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային  Հաւաքականի Մրցումներուն Յայտագիրը

2022-ի Մոնտիալ. Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականի Մրցումներուն Յայտագիրը

Ինչպէս ծանօթ է, քանի մը օր առաջ կատարուեցաւ Եւրոպայի գօտիի 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը մաս կազմեց Ժ. խմբակին` իրեն մրցակից ունենալով Գերմանիան, Իսլանտան, Ռումանիան, Մակեդոնիան եւ Լիխթընշթայնը: Ստորեւ` Հայաստանի կատարելիք մրցումներուն յայտագիրը, որ հրապարակուեցաւ «ՖԻՖԱ»-ին կողմէ. 25 մարտ` Լիխթընշթայն-Հայաստան 28 մարտ` Հայաստան-Իսլանտա 31 մարտ` Հայաստան-Ռումանիա 2 սեպտեմբեր` Մակեդոնիա-Հայաստան 5 սեպտեմբեր` Գերմանիա-Հայաստան 8 սեպտեմբեր` Հայաստան-Լիխթընշթայն 8...

Ճատրակ. Աշխարհի Պատանեկան Ախոյեանութիւն.  Հայաստանի Պատանի Խաղացողները  Կը Շարունակեն Իրենց Ելոյթները

Ճատրակ. Աշխարհի Պատանեկան Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Պատանի Խաղացողները Կը Շարունակեն Իրենց Ելոյթները

Հայկական մարզական լրատու աղբիւրները կը հաղորդեն, որ Հայաստանի պատանիները կը շարունակեն իրենց ելոյթները` աշխարհի պատանեկան առցանց ախոյեանութեան ծիրին մէջ: 18 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի Շանթ Սարգսեան, որ ապահոված է 4,5 կէտ: 3,5 կէտ ապահոված Արթուր Դաւթեան կը գրաւէ 8-րդ դիրքը, իսկ Արմէն Բարսեղեան 3 կէտով կը գտնուի 14-րդ դիրքին վրայ: 16 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ,...

«Եուրոփա Լիկ».  Հենրիխ Մխիթարեան Բացակայ`  Այսօրուան Մրցումէն

«Եուրոփա Լիկ». Հենրիխ Մխիթարեան Բացակայ` Այսօրուան Մրցումէն

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ եւ իտալական Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ այսօր տեղի ունենալիք մրցումին: «Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի ծիրին մէջ, որ կը կատարուի խմբակներու դրութեամբ, անոր կազմը (Ա. խմբակ) 6-րդ եւ վերջին հանգրուանի ծիրին մէջ հիւրը պիտի ըլլայ Սոֆիայի բանակայիններուն: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 19:55-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Նշենք, որ իր տրամադրութեան տակ...

Page 562 of 1279 1 … 561 562 563 … 1,279

Արխիւներ