Խմբակներու դրութեամբ կատարուող «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքը այսօր կը հասնի իր աւարտին, երբ չորս խմբակներու մէջ կը կատարուին ութ ճակատումներ` 6-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Նշենք, որ այս հանգրուանէն ետք կը կատարուին նաք աութի մրցումները:
Ամէնէն ճակատագրական եւ տաք ճակատումները կը կատարուին Բ. խմբակին մէջ, ուր իրարու դէմ պիտի մրցին առաջինին` Ինթեր Միլան եւ Շախտիոր Տոնեցք, իսկ երկրորդին` Ռէալ Մատրիտ եւ Պորուսիա Մէօնշընկլատպախ:
Որեւէ անակնկալ արդիւնքի պարագային, Ինթեր կամ Ռէալ կրնան չշարունակել մրցաշարքը: