Ողիմպիական Խաղերու Մարզաձեւերուն Քանակը Աւելցաւ
Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ ողիմպիական մարզաձեւերուն քանակը աւելցած է:
Այսուհետեւ խաղերուն ընթացքին նկատի պիտի առնուին պրէյք տենսը, սըրֆինկը, ժայռ մագլցիլը եւ սքէյթ պորտինկը, մինչ տղոց 50 քմ-ի քալելու մրցումը դուրս կը մնայ ողիմպիական մարզաձեւերու ցանկէն:
Սակայն անոնք պիտի սկսին ի զօրու դառնալ, Փարիզ-2024-ի ողիմպիականէն սկսեալ:
Փարիզի ողիմպիական խաղերուն պիտի կրճատուի նաեւ մետալներու քանակը, 339-էն` 329, մինչ մարզիկներուն թիւը պիտի պակսի 592 մասնակցողով:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական