Նախորդ շաբաթավերջին իր աւարտին հասաւ Տուպայի (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) պիչ-վոլիպոլի միջազգային մրցաշարքը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Լիբանան:
Լիբանանցի մարզիկները իրենց արձանագրած տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ գրաւեցին պատուաբեր դիրքեր:
Շաֆիք Սալիպա-Ճօ Ազզի զոյգը հանդիսացաւ տղոց ախոյեան, իսկ Միրա Ատրա-Այա Մաթար զոյգը` աղջկանց փոխախոյեան: