Հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, Անտոնեան համալսարանը (Պաապտա) կը կազմակերպէ մարզիչներու յատուկ դասընթացք մը (Քլինիք), 14 եւ 15 դեկտեմբերին, նոյնինքն համալսարանին մէջ:
Բացումին ներկայ պիտի գտնուին համալսարանին նախագահ հայր Միշել Ժալըխ եւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի:
Նշուեցաւ, որ այս դասընթացքին աւարտին անոր բոլոր մասնակիցներն ալ պիտի ստանան յատուկ վկայագիրներ: